Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ եւ Թիւրքմենիստանի անոր պաշտօնակից Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով Չորեքշաբթի, Յունուար 6ին պաշտօնապէս բացումը կատարեցին Տովլեթապատ-Սերախս-Խանվերան նոր կազատարին։ Ան Թիւրքմենիստանի կազը Իրան հասցնող երկրորդ կազատարն է։
Ահմատինեժատի համաձայն, նոր կազատարի գործարկումը թոյլ պիտի տայ մղել թուրքմենական կազը ոչ միայն իրանական շուկայ, այլ նաեւ՝ Արաբական ծոցի շրջանը։ Իր հերթին, Պերտիմուհամետով նկատել տուած է, որ շինարարութեան աւարտը կը վկայէ ճարտարագիտական առումով բարդ նախագիծեր իրականացնելու գործին մէջ երկու երկիրներուն հնարաւորութիւնները։
«Վեստի» կը յայտնէ, թէ կազատարը տարեկան մինչեւ 12.5 միլիառ խորանարդ մեթր կազ պիտի փոխադրէ։ Նոր կազատարը միացուած է Տովլեթապատ-Տերիալիք կազատարին, որ նաեւ կ՛ապահովէ թուրքմենական կազին դէպի Ռուսիա առաքումը։
Փորձագէտներ չեն բացառեր, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գործող կազատարի միջոցով եւս թուրքմենական կազ արտածուի: