ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վարչապետի տեղակալ Պիւլենտ Արընչ այս օրերուն դարձեալ շատ կը խօսեցնէ իր մասին։ Այն օրէն ասդին երբ յայտնուեցաւ, որ մահափորձ մը կազմակերպուած էր իր դէմ, Արընչ լուրերու կեդրոնին է եւ ցնցիչ յայտարարութիւններ ընելու սովորութիւնն ունի։ Սպայակոյտի նախագահութեան Զինակոչութեան բաժնի երկու սենեակներուն մէջ դատախազներու ու դատաւորներու հրահանգով կատարուած անսովոր խուզարկումներէն ետք, անյայտ անձերու կողմէ դատախազներուն ու դատաւորներուն ղրկուեցան փամփուշտներ, ինչ որ մահուան սպառնալիք կը նշանակէ։ Փամփուշտները յայտնապէս ղրկուած են երկու սենեակներու մէջ կատարուած խուզարկումներու իբր պատասխան։ Կ՛ըսուի, որ այդ սենեակներուն մէջ պետական գաղտնիքներու թղթածրարներ կը պահուին։
Որոշ շրջանակներ կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, թէ այսպիսի սենեակներու մէջ խուզարկում պէտք չէ կատարուի, բայց շատերու կարծիքով, կու գայ պահ մը, երբ «պետական գաղտնիք» բացատրութիւնը ընդունելի չէ ու կը հակասէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն. ո՛չ ոք պէտք է ինքզինք պաշտպանէ պետական գաղտնիք բացատրութեան ետին ապաստանելով։
Նախագահ Ապտուլլա Կիւլ եւս անցեալ օր յստակ կերպով քննադատեց պետական գաղտնիք բացատրութիւնը շահագործողները։
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Տենիզ Պայքալ նախընթաց օր հեգնանքով խօսած էր կատարուած խուզարկումներուն մասին, իսկ Արընչ անուղղակիօրէն պատասխանած է անոր, լրագրողներուն յանձնարարելով, որ Պայքալին հարց տան, թէ անոնք ի՞նչ կը մտածեն պահարաններով ղրկուած փամփուշտներուն մասին։ «Այս պայմաններու մէջ Տենիզ Պայքալ այս անգամ պէտք է ըսէ, որ պահարաններու մէջ ղրկուած փամփուշտները իրական չեն, այլ տուրմէ )շոքոլա) շինուած են», ըսաւ Արընչ։
Իր կարգին, Պայքալ յայտնած է, որ եթէ փամփուշտներ ղրկուած են որպէս սպառնալիք, ապա այդ մէկը «լուրջ հարց» կը նկատէ:
Մամուլը կը յիշեցնէ որ պահարանի մէջ փամփուշտ ղրկելու սպառնալիքը նախապէս Իտալիոյ մէջ կատարուած է. հոն եւս փամփուշտներ ղրկուած են այն դատախազներուն ու դատաւորներուն, որոնք պայքար կը տանէին գաղտնի ուժերու դէմ։