Մահ ու աւեր, քանդուած բնակարաններու ու շէնքերու փլատակներ, իրենց սիրելիները փնտռող անօգնական խլեակներ, համատարած յուսալքութիւն, այս է պատկերը Հայիթիի մայրաքաղաք Փորթ-Օ-Փրէնսի մէջ: Պատկեր, որ այնքան ծանօթ կը թուի ըլլալ մեզ, կարծես երէկ տեղի ունեցած Գիւմրիի մեծ աղէտի վէրքերը դեռեւս բուժող ազգի մեր զաւակներուն համար:
Բնական է, ուրեմն, որ չկարենանք ձեռնածալ, պարզ հանդիսատեսի դերին մէջ մնալ ու գոհանալ սրտաճմլիկ խօսքեր արտայայտելով մեր շրջապատին մէջ:
Բնական է, ուրեմն, որ մեր համայնքին մէջ գործող բարեսիրական, մարդասիրական աշխատանքներու նուիրուած կազմակերպութիւններ ոտքի ելլեն ու աշխատանքներու ձեռնարկեն՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու Հայիթիի աղէտեալներուն:
Այս մեկնակէտէն կ՛ողջունենք Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան կոչը ու կը ձայնակցինք անոր:
Կը ձայնակցինք, ոչ միայն այն պատճառով, որ կ՛ուզենք երախտահատոյց ըլլալ մարդասիրական այն հուժկու ալիքին, որ հասաւ Հայաստան 1988 Դեկտեմբերի այն սեւ օրը,
Կը ձայնակցինք ու կ՛ողջունենք, որովհետեւ չենք կրնար ընդունիլ անտարբերութիւն ի տես մարդկային թշուառութեան, որովհետեւ չենք կրնար մեր աչքերը փակել, երբ անմեղ երեխաներ ու մարդիկ կեանքին կառչելու համար կարիք ունին մեր օգնութեան, մեր կարեկցանքին:
Ընդառաջենք Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կոչին ու բերենք մեր մասնակցութիւնը Հայիթիի տառապեալ բնակչութեան այնքան անհրաժեշտ կենսական օժանդակութիւն հասցնելու գործին: