ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան Յունուար 14ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը չէ խանգարած 2009ին ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) զինուորականներուն բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագրին: Ըստ նախարարին, անցնող տարիներու 134ի փոխարէն՝ 2009ին նոր բնակարան ստացած է 188 ընտանիք:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարին տուած տեղեկութիւններով՝ մինչեւ հիմա ՊԲ 770 սպայի տակաւին կը տրամադրուի բնակարան վարձելու փոխհատուցում։
Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր շինարարութեան վարչութեան տուեալներուն՝ 2009ին ՊԲ սպայակազմը բնակարաններով ապահովելու նպատակով պետական պիւտճէէն յատկացուած է 739,577 միլիոն դրամ: