ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Անցնող տարուան ընթացքին յաճախ նշած էինք Հայաստանի մէջ իրականացուող միջազգային մեծ մրցաշարերու մասին։ Տարբեր մարզաձեւերու եւրոպական եւ համաշխարհային դաշնութիւնները, իբրեւ արդիւնք այդ մրցաշարերուն, Հայաստանին վստահած են նաեւ այլ առաջնութիւններու կազմակերպման իրաւունքը:
Այսպէս, 2010ին հայ մարզասէրներուն պիտի ներկայանան աշխարհի ուժեղագոյն ըմբիշները։ Փետրուար 12-14 կ՛իրականանայ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի խաղարկութիւնը: Հաշուի առնելով ըմբշամարտի այս ոճին մէջ Հայաստանի վերջին յաջողութիւնները՝ ՀՀ մարզիկներէն կ՛ակնկալուի նոր յաղթանակներ եւ տիտղոսներ:
Ըստ աշխարհի բաժակի խաղարկութեան՝ զանգուածային լրատուամիջոցներուն հետ տարուող աշխատանքներու պատասխանատու Էդուարդ Քալանթարեանին, հայ ըմբիշներուն հետ պիտի մրցին Ռուսաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Հունգարիոյ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Քուպայի ուժեղագոյն ըմբիշները: Հրաւէր ուղարկուած է նաեւ Ատրպէյճանի հաւաքականին, որոնց մասնակցութեան հարցը պիտի ճշդուի աւելի ուշ: