ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի հայկական ջարդերու 20րդ տարելիցին առիթով՝ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեան Յունուար 15ին Երեւանի մէջ կազմակերպած է «Էթնիքական զտումները Ատրպէյճանում» թեմայով կլոր սեղան-քննարկում, որուն ընթացքին յայտնած է, որ քննարկման հիմնական նպատակը թշնամանք կամ ատելութիւն սերմանելը չէ, այլ կատարուածի մասին բարձրաձայնելով՝ նման երեւոյթներու յետագայ տարածումը կանխելը: «Այդ համակարգը ձեւաւորուած է ընդդէմ մարդու, ի հաշիւ մարդու, որը չի կարող նպաստել հակասութիւնների քաղաքակիրթ լուծմանը: Միայն ժողովրդավարութիւնն է, որ ապահովում է հանդուրժողականութիւն տարբեր հարցերի լուծման համար: Որքան շուտ ժողովրդավարութիւնը դառնայ դոմինանտ արժեհամակարգ տարածաշրջանային երկրներում, այնքան շուտ հակասութիւններին լուծումներ կը տրուեն», նշած է Ա. Յարութիւնեան:
Ասուլիսի ընթացքին խօսք առնելով՝ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, նախկին մարդու իրաւունքներու պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան յայտնած է, թէ 1990ի Յունուարը ցոյց տուած է, որ քաղաքական քարտէզի վրայ յայտնուելէ ի վեր Ատրպէյճանը որպէս քաղաքականութիւն որդեգրած է ազգային (ethnic) զտումները: «Ես բնութագրում եմ Պաքուի այդ իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն, իսկ Ատրպէյճանը՝ ի սկզբանէ ցեղասպանածին երկիր, որը ցեղասպանութեամբ է ծնունդ առել եւ շարունակել այն իր բոլոր ձեւերով», նշած է պատգամաւորը: Անոր խօսքերով, Ատրպէյճանը բռնութիւններ իրականացուցած է ոչ միայն հայերու, այլեւ ռուսերու, յոյներու, ինչպէս նաեւ մահմետականներու հանդէպ, սակայն գլխաւոր թիրախը եղած են հայերը, ուստի պէտք չէ անոնց կրօնական երանգ տալ: Ըստ իրեն՝ պէտք է հաշուի առնել, որ հայերուն հանդէպ կատարուածը յանցագործութիւն է մարդկութեան հանդէպ, որուն դէմ պէտք է պայքարի ամբողջ աշխարհը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իր կարգին նշած է, որ 20 տարի առաջ կատարուած դէպքերուն իբրեւ արդիւնք՝ այսօր Պաքուն վերածուած է միատարր ցեղային քաղաքի: «Այսօր էլ այլատեացութիւնը Ադրբեջանի պետական քաղաքականութեան կարեւորագոյն մասն է, որի թիրախը առաջին հերթին հայերն են», ըսած է Հ. Դեմոյեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.