ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ «ՌԻԱ Նովստի» գործակալութեան հաղորդագրութեան, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽՎՎ) ձմեռնային նստաշրջանը հաստատած է ազգային բոլոր պատուիրակութիւններուն լիազօրութիւնները՝ բացի ալպանական եւ հայկական պատուիրակութիւններունը:
Ըստ նշեալ աղբիւրին, քննարկումներուն ընթացքին վեհաժողովականները յայտարարած են, որ Ալպանիոյ պատուիրակութիւնը «եւրոպական արժէքներուն չի համապատասխաներ», իսկ Հայաստանի պարագային, «խորհրդարանը պատուիրակութիւնը կազմելիս՝ մանիպուլեացիաների (կամայակա-նութիւն-Խմբ.) է դիմել»: Գործակալութիւնը միաժամանակ յայտնած է, թէ այս ձեւակերպումէն բացի որեւէ պարզաբանում չէ տրուած:
Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան հաստատած է այս տեղեկութիւնը: Ըստ իրեն, Հայաստանի Աժ պատգամաւոր, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեան համապատասխան հարց բարձրացուցած է իր խումբին մէջ՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (EPP), որ իր հերթին հարցը հնչեցուցած է վեհաժողովի նիստին ընթացքին:
«Արդիւնքում, մեր լիազօրութիւնները չեն վերահաստատուել», յայտնած է Դաւիթ Յարութիւնեան՝ ընդգծելով, որ ատիկա չի նշանակեր լիազօրութիւններու մերժում:
Ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման համար, Դ. Յարութիւնեանի տուած տեղեկութիւններով, վեհաժողովի կանոնակարգի յանձնաժողովը հարցը պիտի քննարկէ մօտակայ երկու օրերուն:
«Եթէ Կանոնակարգի յանձնաժողովը յանգի եզրակացութեան, թէ՝ կանոնակարգը պահպանուած է, ապա հայաստանեան պատուիրակութեան լիազօրութիւնները մեխանիկօրէն կը հաստատուեն, իսկ եթէ ոչ, ապա Հինգշաբթի օր, երկրորդ կէսին վեհաժողովի նիստում դեբատներ կը լինեն», նշած է ան: