ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը, Երկուշաբթի, Յունուար 25ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է Կրօնական ժողովի ու պատրիարքական ընտրութեանց նախաձեռնող յանձնախումբին մօտ ծագած տարակարծութեան։
Անցեալ շաբթուան ընթացքին բացայայտուած էր, որ հակառակ Կրօնական ժողովի այն որոշումին, թէ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու նպատակով, եւ թէ աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու համար պէտք էր դիմում կատարուէր պատկան իշխանութիւններուն, Նախաձեռնող մարմինը, իրաւագէտներու յանձնարարութեան ընդառաջելով ու հակասելով Կրօնական ժողովին որոշումին՝ առանց վերջինիս կարծիքը շօշափելու դիմում կատարած էր ուղղակի պատրիարքի մը ընտրութեան համար, եւ ոչ թէ՝ աթոռակից պատրիարքի։
Կրօնական ժողովը Երկուշաբթի օրուան իր զեկոյցով ընդվզում կը յայտնէ Նախաձեռնող մարմինի այս դժուար հասկնալի ընթացքին դէմ, ու կը հաստատէ, թէ «պարտն ու պատշաճը պիտի տնօրինուի»։ «Ի՞նչ են անոնք՝ սա պահուն չենք գիտեր, բայց կը սիրենք յուսալ, որ Նախաձեռնող մարմինը, որ կազմուած է բանիմաց անձերէ, կ՛անդրադառնայ, որ սխալ մը գործուած է եւ կ՛առնէ քայլեր, որոնք մեր համայնքը կը փրկեն անհաճոյ հակամարտութիւններէ ու ժամավաճառութիւններէ», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։