ԳԱՀԻՐԷ «Արմաւենի».- Հայաստանի Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի անցած շաբաթ սկսած պաշտօնական այցելութիւնը Եգիպտոս ընթացաւ եռօրեայ հայեցակարգով, որուն ընթացքին Աբրահամեան հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի իր պաշտօնակիցին, Եգիպտոսի վարչապետին եւ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպանատան խորհրդական Հրաչեայ Փօլատեան, «Արմաւենի»ի թղթակիցին կը տեղեկացնէ, թէ «Տասը պատագամաւորները, որոնք ուղեկցում էին Յ. Աբրահամեանի իր այցի ընթացքում, խորհրդարանում ներկայացուած գրեթէ բոլոր կուսակցութիւններից ներկայացուցիչներ էին, բացառութեամբ Ժառանգութիւն կուսակցութեան»: Ան աւելցնելով նաեւ կ՛ըսէ. «Պատուիրակութեան անդամների մէջ էր նաեւ Արման Կիրակոսեանը՝ որպէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարարութեան ներկայացուցի»չ:
Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից դոկտ. Ահմետ Ֆաթհի Սուրուրի հետ, իսկ նոյն օրուան երեկոյեան ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան հիւրեր, այլ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ անձամբ՝ Ֆահթի Սուրուրը:
Դեսպանատան ընդունելութեան հրաւիրուած էին նաեւ Գահիրէի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենապետներն ու անդամները, հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդներ ու անդամներ: Ընդունելութեան մասնակցած էին Գահիրէի հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան եւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան:
Նոյն օրը կայացած է նաեւ Յովիկ Աբրահամեանի առանձին հանդիպումը դեսպանութեան Բարեկամութեան խորհուրդին հետ, իսկ յաջորդ օրը պատուիրակութիւնը այցելած է Եգիպտոսի ազգային թանգարանը, ինչպէս նաեւ Կիզայի բուրգերն ու Արեգակի թանգարանը: Աբրահամեան հանդիպած է նաեւ Եգիպտոսի հանրապետութեան վարչապետ դոկտ. Ահմետ Նազիֆի հետ:
Ընթացքին, «միջխորհրդարանական կապերի ամրապնդման, արտաքին յարաբերութիւնների տարբեր ոլորտներում համագործակցութեան կողքին, քննարկուեցան նաեւ տնտեսական հարցեր», կը տեղեկացնէ Փօլատեան: