ԿԱԼԿԱԹԱ.- Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի երեք սաներ՝ Անդրանիկ Գէորգեան, Կարէն Մկրտ-չեան (Հայաստան) եւ Արմէն Մարգարեան (Իրան), ներկայիս իրենց երկրորդական ուսման կը հետեւին Կալկաթայի նշանաւոր La Martiniere դպրոցին մէջ:
Յունուար 21ին, վերոյիշեալ դպրոցի երեք հազար աշակերտներէն քսանը միայն ընտրուեցան դպրոցի կարգապահութեան հետեւող աւագ աշակերտներ: Այս պատուաւոր քսանին մաս կը կազմէին նաեւ վերոյիշեալ երեք հայորդիները: Ձեռնարկին ընթացքին նորանշանակ աւագներուն յանձնուեցան վկայագիրեր եւ յատուկ փողկապներ:
Աւագներու ընտրութեան ընթացքին դպրոցի տնօրինութիւնը եւ ուսուցչական կազմը նկատի ունեցած են աշակերտներուն ունակութիւնները, ուսման մէջ ցուցաբերած յառաջդիմութիւնն ու վարքը:
Հանդիսութեան հրաւիրուած էր նաեւ Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վարդապետ, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է վերոնշեալ դպրոցի տնօրէն Սունիրմալ Չաքրավարթին՝ հայ սաներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար, իսկ աշակերտներուն համար պատուաբեր համարած է այսպիսի պատասխանատուութեան ստանձնումը: