ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Քանի մը ամիս առաջ փոքրամասնութիւնները մեկուսացնել փորձող «վանդակի գործողութիւն»ն էր Թուրքիոյ «մութ ուժերուն» (կարդալ՝ թրքական բանակին) վերագրուած նորագոյն ծրագիրը, իսկ անցեալ շաբաթ բացայայտուեցաւ «լախտի հարուած» ծրագիրը, որուն նպատակն էր շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններով շշմեցնել երկրին հանրային կարծիքը՝ դիւրացնելու համար կառավարութիւնը տապալելու երկրի զինուորական ուժերուն ծրագիրը: Գունաւոր այս ծրագիրները չեն գար արտակարգ երեւակայութիւն մը ունեցող վիպագրէ, այլ ծնունդ են երկիրը իրենց ամբողջական հակակշռին տակ պահել փորձող զօրավարներու մտայղացումներուն:
Սկսելով պետական հարուածներու շարքէն, հասնելով մինչեւ պետութեան եւ մաֆիայի միջեւ կապերը բացայայտած 1990ականներու Սուսուրլուքի գայթակղութեան ու վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին բացայայտուած պետական հարուածի ծրագիրներուն եւ այլախոհներ սպաննած ազգայնամոլներու «Էրկենեքոն» ցանցին, Թուրքիոյ բանակը միշտ փաստած է, թէ կրնայ իր կամքը պարտադրել, նոյնիսկ երբ քաղաքական իշխանութիւններուն հետ տարակարծիք կը մնայ:
Բանակը այն համոզումը ունի, որ Եւրոմիութիւնն ու իսլամական արմատներ ունեցող ներկայ կառավարութիւնը ունին հասարակաց նպատակ մը, որ կը բաղկանայ այս կէտերէն՝ տկարացնել բանակը, բաժան-բաժան ընել Թուրքիան ու նոր սահմանադրութիւն մը ստեղծել երկրին համար։
Քաղաքական կեանքին վրայ այսքան ազդեցութիւն ունեցող զինուորական ուժի հակակշիռին տակ գտնուող երկիր մը չի կրնայ Եւրոմիութեան անդամակցութեան լուրջ թեկնածու նկատուիլ, որքան ալ քաղաքային իշխանութիւնները փորձեն երկիրը դուրս բերել բանակին ճիրաններէն:
Հետաքրքրական է սակայն, այն, որ այս անգամ աւելի մեծ թիւով թուրք քաղաքագէտներ սկսած են հարցականի տակ առնելու բանակին արդարացման այն փորձերը, թէ՝ 7 տարի առաջ պատրաստուած դաւը, իրականութեան մէջ, բանակը արթուն պահելու համար ծրագրուած ռազմախաղ մըն էր պարզապէս։
Ինչպէս «Մարմարա» կը գրէ, հակառակ անոր, որ ««լախտի հարուած»ը չէ իրականացած, սակայն ան լախտի նման իջած ըլլալ կը թուի երկրի օրակարգին ու հանրային կարծիքին վրայ»։