ՄՈՍԿՈՒԱ.- Անցնող շաբաթավերջին, ռուսական «Սփորթս. Ար.Եու.» կայքէջը հրապարակեց ցանկը նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու այն ֆութպոլիստներուն, որոնք յոյս ունին իրենց մասնակցութիւնը բերել Ռուսիոյ կամ Եւրոպայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն։
Այդ ցանկին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Հայաստանի ազգային եւ երիտասարդներու հաւաքականներու մարզիկ

, որուն փոխանցման գինը ռուսական կայքէջը կը գնահատէ 2-2.5 միլիոն եուրոյի միջեւ։
«Մխիթարեան մականունը բնականաբար ծանօթ է բոլորին, նոյնիսկ նախկին Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի համակիրներուն։ Ոչ մէկ զուգադիպութիւն կայ։ Հենրիխ նոյն այդ Համլեթ Մխիթարեանի զաւակն է, որ 1980ականներուն սարսափի կը մատնէր «Արարատ» Երեւանի մրցակիցները։ Ֆութպոլի իր կրթութիւնը ստանալով Ֆրանսայի մէջ, ուր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց անոր հայրը, Հենրիխ իր գործը շարունակեց Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մէջ՝ երկու տարուան ընթացքին նշանակելով տասնեակ մը կօլեր», կը գրէ ռուսական կայքէջը, որ կ՛եզրափակէ ըսելով. «Ան այժմ սքանչելի արդիւնք կ՛արձանագրէ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն։ Ան սքանչելիօրէն կը կազմակերպէ խումբին յարձակումները, կը նշանակէ գեղեցիկ եւ կարեւոր կօլեր. կը կատարէ շատ սերտուած փոխանցումներ։ Հետեւաբար, վերոնշեալները նկատի ունենալով՝ Հենրիխ Մխիթարեանը Անտրէյ Արշաւինի (Ռուսիոյ ֆութպոլի աստղ) հետ բաղդատելը այդքան ալ չափազանցութիւն չէ»։