ՊԱՔՈՒ, (Էյ.Փի.Էյ.).- «Հայկական թերթեր կը փորձեն Հայաստանի բնակչութեան մտավախութիւնները մեղմացնել՝ պնդելով, թէ Սոչիի մէջ Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումին իբրեւ արդիւնք՝ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Արցախի ներկայացուցիչները», կը յայտնէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով, պնդելով, թէ նման համաձայնութիւն մը չէ գոյացած:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, այս հանգրուանին բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
«Կասկած չկայ, որ աւելի ուշ բանակցութեանց կրնան միանալ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական համայնքին ներկայացուցիչները, սակայն այս հանգրուանին անոնց մասնակցութիւնը անընդունելի է եւ սխալ, որովհետեւ կարելի չէ տագնապին կողմ չեղող հատուած մը մասնակից դարձնել բանակցութեանց, յատկապէս երբ կը պնդուի՝ «Ոչինչի շուրջ պիտի համաձայնինք, եթէ բոլոր կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ» պայմանին վրայ»», աւելցուց ան: