ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը, Երկուշաբթի, Յունուար 25ին քաղաքի հայկական երեք թերթերուն յղուած թրքերէն զեկոյցով մը կը ջանայ բացատրել, թէ ինչո՞ւ իշխանութիւններուն դիմում կատարած է՝ ընտրելու համար նոր պատրիարք մը՝ աթոռակից պատրիարքի մը փոխարէն։
Զեկոյցին մէջ դիտել կը տրուի, թէ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնող մարմին մը կը կազմուի միայն պատրիարք ընտրելու համար։ Զեկոյցին ոճը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ նախաձեռնարկ մարմինը ինքզինք բոլորովին անկախ կը նկատէ Կրօնական ժողովէն կամ Կրօնական ժողովի որոշումէն։
«Ուստի կը տարուինք մտածելու, որ նախաձեռնարկ մարմինը չէ ուզած Կրօնական ժողովին հետ համաձայնութեան գծով ելք մը փնտռել, ինչ որ կրնայ բաւական բարդ կացութիւն մը ստեղծել ու ճամբայ բանալ ապագայ անհաճոյ հակամարտութիւններու։ Նախաձեռնարկ մարմինը անշուշտ որ իր տեսակէտներն ու մերձեցման եղանակը կրնայ ունենալ, եւ մենք կը յարգենք այդ տեսակէտները։ Բայց թող արտօնուի, որ ըսենք, թէ մարմինը իր այս մտածումները պէտք է յայտնէր եւ հրապարակէր առաջին օրէն, եւ ոչ թէ այսօր», կը գրէ «Մարմարա»։
Միւս կողմէ, նախաձեռնարկ մարմինի ատենադպիր Կարպիս Պալմումճու Երեքշաբթի առաւօտ «Մարմարա»ին յանձնած է պատճէնը Յունուար 14, 2010 թուակիր այն դիմումին, զոր նախաձեռնարկ մարմինը պատկան իշխանութիւններուն կատարած էր, պատրիարքական ընտրութեան արտօնութիւն ստանալու ուղղութեամբ։ Այս նամակը ցարդ հրապարակուած չէր, բայց Պալմումճու դիտել տուաւ, որ «եթէ կը փափաքինք, կրնանք հրատարակել»։ Ինչպէս կը տեսնուի նամակին մէջ, նախաձեռնարկ մարմինը ճշդած է նաեւ ընտրութեան թուական մը, որն է՝ Մայիս 12։ Անշուշտ յայտնի չէ՝ իշխանութիւնները պիտի ընդունի՞ն այդ թուականը, թէ պիտի ճշդեն նոր թուական մը։
Նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքը, որ պաշտօնի կոչուած է Հոկտեմբեր 14, 1998ին կատարուած ընտրութիւններէն ետք, առողջական հարցերու պատճառաւ չի կրնար կատարել կրօնական եւ վարչական իր պարտականութիւնները, ուստի այս պարտականութեան համար նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը ստիպողութիւն դարձած է։ Նամակին կցուած են անունները պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինի անդամներուն, նաեւ տուեալներ՝ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան մասին։
Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր՝ Չորեքշաբթի, Յունուար 27ի առաւօտեան, պատրիարքարանին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը, որուն ընթացքին հայ մամուլի ներկայացուցիչները պիտի կարենան ուղղել իրենց հարցումները։
Nuyn amur kayler@ petk e anel naev hayastanum bolor ayn andzants nkatmamb, voronk npastel en ays arhavikin’ Protocol kochvats te OSCE-paymanagir.
abriss loussik
garta “louyss i lousso” nor hador’ess
pdf’ov