ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 26ին տեղի ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Կանոնակարգի ու անձեռնմխելիութեան հարցերու յանձնաժողովին նիստը, որուն մասնակցած են ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան եւ վերոնշեալ յանձնաժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, յանձնաժողովին օրակարգը ընդգրկած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութեան հրովարտակներու վիճարկման հարցը: Քննարկման ընթացքին յանձնաժողովը անդրադարձած է ներկայացուած առարկութիւններուն, ըստ որոնց, Հայաստանի պատուիրակութիւնը մատնանշուած է ընթացակարգային խախտումներով:
Քննարկելով խնդիրը եւ լսելով պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցած փաստարկները՝ յանձնաժողովը որոշած է.
1. ԵԽԽՎ կանոնակարգի 7րդ յօդուածին համաձայն, 2010ի Յունուար 25ին, Հայաստանի պատուիրակութեան դեռեւս չհաստատուած հրովարտակները վիճարկուած են կանոնակարգային հիմքերով, պատճառաբանելով, որ Հայաստանի խորհրդարանը «արհեստականօրէն շահարկած է ներքին ընթացակարգերը՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն խումբի անդամը՝ Զարուհի Փոստանջեանը, պատուիրակութեան կազմէն հանելու համար»:
2. Կանոնակարգի, անձեռնմխելիութեան հարցերու յանձնաժողովը քննած է ներկայացուած տարբեր առարկութիւնները եւ որոշած, թէ խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութիւնը նշանակուած է ԵԽ կանոնադրութեան յօդուած 25ի եւ ԵԽԽՎ կանոնակարգի յօդուած 6ի համապատասխան:
3. Հետեւաբար, յանձնաժողովը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հրովարտակները պէտք է հաստատուին:
4. Յանձնաժողովը կը կարծէ, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան իրաւունքներու իրականացման իրավիճակը կրնայ դիտարկուիլ վեհաժողովի «Մոնիտորինկ»ի յանձնաժողովի՝ Հայաստանի իշխանութիւններու հետ պարբերական երկխօսութեան շրջանակներու մէջ: Այս կապակցութեամբ յանձնաժողովը կը վկայակոչէ «Ժողովրդավարական խորհրդարանին մէջ ընդդիմութեան իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու մասին» ԵԽԽՎ 1601 բանաձեւը:
Ուսումնասիրելով տիկին Փոստանջեանի կողմէ ներկայացուած գրաւոր տեղեկանքը՝ յանձնաժողովը զեկոյցի բացատրական մասով արձանագրած է. «Յանձնաժողովը կը գտնէ, որ տիկին Փոստանջեանը չի վկայակոչեր օրէնքի վրայ հիմնուած որեւէ յստակ հիմնաւորում կամ փաստ, որ պիտի հաստատէր իր այն պնդումը, թէ՝ պատուիրակութիւնը ձեւաւորուած է օրէնքի խախտումներով»:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Կանոնակարգի եւ անձեռնմխելիութեան հարցերու յանձնաժողովին կարծիքը ընդունուած է միաձայնութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.