ԹԵՀՐԱՆ.- Յունուար 21ին, Թեհրանի ՀՄ «Սիփան» միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է իրանահայ բանաստեղծ Ալմինի բանաստեղծութիւններու «Անծանօթներիս» խորագիրով վերջին ժողովածուին շնորհահանդէսը:
Ժողովածուն լոյս տեսած է «Սիփան» միութեան մեկենասութեամբ: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարած է Գուրգէն Յարութիւնեան: Ալմինի ստեղծագործութիւններու վերլուծութեամբ հանդէս եկած է բանաստեղծ Տիգրան Պօղոսեան: Ձեռնարկը եզրափակուած է բանաստեղծին ելոյթով: