ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը, իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Յունուար 23ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու յատուկ սեմինար մը։
Սեմինարին նպատակն էր մասնագիտական միջավայրի մը մէջ քննել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն անդրադարձը հայ պատանիներու դաստիարակութեան վրայ, եւ այդ զարգացումներուն փոխանցման ու լուսաբանութեան լաւագոյն ձեւերը։ Սեմինարին ներկայ գտնուեցան Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Անարատ յղութեան քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Ազգ. Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Վահան Թէքէեան, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան, Այնճարի Հայ աւետարանական եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարաններու 23 ուսուցիչներ։
Ներկայ գտնուեցան նաեւ տնօրէններ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն։
Սեմինարի առաջին բաժինով ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.
1. Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հոլովոյթը՝ անկախ Հայաստանի երեք նախագահներուն օրով, զեկուցաբեր՝ Թաթուլ Յակոբեան։
2. Սփիւռքի դերը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ զարգացման մէջ, զեկուցաբեր՝ Տիգրան Ճինպաշեան։
3. Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ թրքական քողարկուած նախապայմանները, զեկուցաբեր՝ Կարօ Յովհաննէսեան։
4. Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները աշխարհաքաղաքական իրադրութիւններու լոյսին տակ, զեկուցաբեր՝ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան։
5. Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու պատմութեան եւ ներկայ զարգացումներու փոխանցումը աշակերտութեան, զեկուցաբեր՝ Վիգէն Աւագեան։
6. Ինչպէ՞ս փոխանցել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացումները՝ նկատի ունենալով պատանիներու կազմաւորումը, զեկուցաբեր՝ Շաղիկ Խիւտավերտեան։
Իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք ուղղուեցան հարցումներ, կատարուեցան լուսաբանումներ ու մտքերու փոխանակում։
Օրուան երկրորդ բաժինով ուսուցիչները բաժնուեցան աշխատանքային խմբակներու եւ անջատաբար քննարկեցին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացումները, աշակերտներուն ծանօթացնելու մարտավարութիւնը։
Սեմինարը իւրայատուկ առիթ մը եղաւ տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն՝ փոխանակելու իրենց փորձառութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ ծանօթանալու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն բոլոր երեսներուն։
Հայ դատի մարմինը սեմինարին նիւթերը յառաջիկային ամփոփելով պիտի ուղարկէ ուսուցիչներուն եւ իրենց մեկնաբանութիւններուն վրայ հիմնուելով պիտի ձեռնարկէ յաջորդ քայլերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.