ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին յայտնած է, թէ ինք համոզուած է, որ Անգարան Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացնէ այնքան ատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չէ լուծուած։
Ըստ Ալիեւի, ինք «լիովին գոհ է» այս հարցին մէջ Թուրքիոյ կեցուածքէն։ Ան նաեւ ըսած է, որ եթէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցը ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չկապուին իրարու, ապա «հաւանական է, որ Հայաստան սառեցնէ բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ»։ Ատրպէյճանի նախագահը կը հաւատայ, թէ տնտեսական ճնշումը այն հիմնական գործօններէն է, որ Երեւանին ստիպած է նստիլ բանակցութեանց սեղանի։
Նոյն թերթին մեկնաբանութիւն տուած է նաեւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան, որ ըսած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները սկսած են աւելի բարդանալու:
Սարգսեան կտրուկ կերպով հերքած է Անգարայի այն պնդումները, թէ՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի Յունուարի 12ի վճիռը նախապայմաններ դրած է գործընթացին առջեւ: Անոր համաձայն, կառավարութիւնը Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները պիտի ուղարկէ խորհրդարան՝ վաւերացման համար, միաժամանակ նաեւ կը նախապատրաստուի օրէնսդրական փոփոխութիւններու, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան երկրի նախագահին ետ կանչել հայկական կողմին ստորագրութիւնները:
Ըստ Սարգսեանի, եթէ կողմերը կորսնցնեն այս առիթը, ապա ողջ տարածաշրջանը նահանջ պիտի ապրի:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ յայտնեց, որ եթէ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման աշխատանքին մէջ յառաջընթաց արձանագրուի, ապա կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններուն վաւերացումը ապահովել: «Սակայն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումը մեծապէս ազդեց արձանագրութիւններու ոգիին վրայ։ Այս համոզումը ունին թէ՛ Թուրքիոյ վարչապետը, եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարը», նշած է ան։
«Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը որոշում կայացուցած է, սակայն արձանագրութիւնները առայժմ չեն ուղարկուած խորհրդարան։ Թուրքիան արձանագրութիւնները երկու ամիս առաջ ներկայացուցած է խորհրդարան։ Մենք այդ գործընթացին մէջ Հայաստանէն յառաջ ենք», պնդած է թուրք դիւանագէտը։
Վերջապէս, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հիւրրիյէթ»ի յայտնած է, թէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, «մենք կրնանք ստեղծել պատմաբաններու յանձնախումբ, որ կրնայ խօսիլ 1915ի իրադարձութիւններուն մասին, սակայն չի կրնար քննարկել Ցեղասպանութեան հարցը, որովհետեւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումով՝ ատիկա քննարկման նիւթ չէ»։ Ան նաեւ նշած է, թէ հակառակ անոր, որ Զուիցերիա չ՛ուզեր Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման վերաբերեալ գրաւոր երաշխիքներ տալ, բայց եւ այնպէս Անգարան պիտի շարունակէ Պեռնի եւ Ուաշինկթընի հետ շփումները՝ իրաւական հիմքերով համաձայնութիւն մը գտնելու համար։
Ղարաբաղի տաքնապին արնջութեամբ 1993-էն իվեր միջամտութիւնները ու ճնշումները որ տեղի կունենան Հայաստանի վրայ՝ թուրքիոյ և ազերպեյճանի կողմէ՝ երկուքն ալ նոյն նպատակը ունին. այսինքն, Սեվրի Դաշնագիրին պահանջքները՝ վերահամացայնիլ և վերահաստատել, այս անգամ, Հայաստանի Օրինական կարավարութեան հետ- թուրքիոյ համար Կարսի դաշնագիրը, իսկ Ազըրպեյճանի սովետական շրջանի անիրաւական սահմանները։ Այսու, երկուքն ալ կը խոսին Հողային Ամբողջականութեան մասին։
Որեւէ համացայնութիւն/ստորագրութիւն/զիչում ազըրպեյճանին՝ կը վնասէ Սեվրի Դաշնագրի պահանջքներուն ուր կը պարունակէ Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը ամփողջութեամբ;
Liovin hamadzayn em: