ՔԱՐՏԻՖ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին, Կալեսի առաջին նախարար (վարչապետ) Քարուին Ճոնզ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ամբողջացնելով Բրիտանիոյ մէկ մասնիկը կազմող այս երկրին մէջ 2001ին սկսած ճանաչման արշաւը:

Արդարեւ, այդ օրերու առաջին նախարար Ռոտրի Մորկըն ծաղկեպսակ մը զետեղած էր Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, իսկ 2002ին, երկրին խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը:
Չորեքշաբթի օրուան ձեռնարկին ընթացքին յիշատակուեցան նաեւ հրէական ողջակիզման, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ այլ ցեղասպանութեանց զոհերը: Լոս Անճելըսի «Սայմըն Ուիզընթալ» կեդրոնէն կրօնապետ Արոն Հէյըր եւս ելոյթ ունեցաւ նոյն ձեռնարկին ընթացքին՝ հաստատելով Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը:
Ձեռնարկի իրականացման գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր համայնքի ղեկավարներէն Ճան Թորոսեանը:
Յատկանշական է, որ ճիշդ երկու տարի առաջ, Քարտիֆի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանը սրբապղծուած էր, իսկ Չորեքշաբթի օրուան ձեռնարկի աւարտին, մասնակիցները ծաղկեպսակներ դրին նորոգուած յուշարձանին առջեւ:
Կալեսի առաջին նախարար Քարուին Ճոնզ անդամ է Բրիտանիոյ իշխող՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան, որուն ղեկավարը՝ Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան աջակցողներէն մէկն է: