ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Յունուար 26ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Քիրիաքոս Քուրոսը:
Դեսպանին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ Հայաստան-Թուրքիա «փրոթոքոլ»ին շուրջ:
Հանդիպման երկրորդ բաժինով, դեսպանը տեղեակ պահեց վեհափառը Կիպրոսի յունական եւ թրքական կողմերուն միջեւ եղած բանակցութիւններուն մասին: