ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ վերջերս հանդիպում մը ունեցած են քաղաքի նոր ոստիկանապետ նշանակուած Ռանըլտ ՏիՓոմփայի հետ, քննելու համար յատկապէս քաղաքին հայութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքի բնակչութեան մտահոգութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան աշխատակազմը աւելի այլազան դարձնելու, անդամարշաւն ու քննութիւնները բարեկարգելու, ոստիկանական մարզումներուն ընթացքին մշակութային զգայնութիւնները նկատի ունենալու եւ համայնքին եւ ոստիկանութեան միջեւ կապերը սերտացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Օվասաբեան ընդդէմ Կլենտէյլ դատական հարցին մանրամասնութիւնները:
Նաեւ, ոստիկանապետը Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցեց ոստիկանատան կողմէ որդեգրուած փոփոխութիւնները, որոնց շարքին է ոճիրներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ զանոնք համակարգելու նոր դրութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովական դրութիւնը բարելաւել:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Էլէն Ասատրեան դրական համարեց ոստիկանապետին հետ այս առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին կողմերը խոստացած են գործակցութիւնը սերտացնել:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ոստիկանատան հանրային տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Թամ Լորենց, իսկ Ասատրեանի կողքին, Հայ Դատի յանձնախումբին մաս կը կազմէին վարչութեան համա-ատենապետներ Լէօնարտ Մանուկեան եւ Սարգիս Ուրֆալեան: