ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ.- Պերճ Արա Զոպեանի «Gallery Z» ցուցադրասրահին ու Ռոտ Այլընտ համալսարանի համատեղ ջանքերով, համալսարանին ցուցադրասրահին մէջ, յառաջիկայ Ապրիլ 1էն 30 տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին նուիրուած արուեստի գործերու ցուցահանդէս մը: Կազմակերպիչները կոչ կ՛ընեն անոր մասնակցիլ փափաքողներուն, որ Ցեղասպանութեան կամ վերապրումի մասին իրենց արուեստի գործերը տրամադրեն այս ձեռնարկին: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել zcarol@cox.net հասցէին: