«Միրիքըլ ան ուիլզ» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ «Մէտիքէր»ի օրէնքները կ՛արտօնեն շարք մը հիւանդութիւններէ տառապող տարեցներուն, որ չնչին գումարով մը, կամ նոյնիսկ անվճար՝ անդամալոյծներու յատուկ փոխադրակառքեր ստանան:
«Միրիքըլ ան ուիլզ» ընկերութիւնը կը փորձէ տարեցներուն անկախ կենսաձեւ շնորհող սոյն ծրագիրը առաւելագոյն չափով ծանուցել, որպէսզի քալելու դժուարութիւն ունեցող տարեցները առիթ ունենան ազատօրէն շրջաքայելու:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել (800) 400-4210 թիւին: