ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քարմէն եւ Ռուբիկ Օհանէսեանները Յունուար 9ին անգամ մը եւս կազմակերպած էին արդէն իսկ աւանդութեան վերածուած հաւաքոյթը, որուն նպատակն էր դրամահաւաք կատարել ի նպաստ Հայ կրթական հիմնարկութեան:
Օհանէսեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցած եւ մօտաւորապէս 400 հիւրերու մասնակցութեամբ կայացած սոյն հաւաքին ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 8000 տոլարի գումար մը, որ պիտի տրամադրուի Հայ կրթական հիմնարկութեան Դպրոցական պիտոյքներու ծրագիրին:
Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան անդամ Բաբգէն Ամիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Օհանէսեաններուն, աւելցնելով, թէ այս հաւաքոյթին ընթացքին գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի գիւղերուն մէջ գտնուող դպրոցներուն գրենական պիտոյքներ ապահովելու նպատակին:
Հաւաքին ընթացքին, Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Արցախի եւ æաւախքի մէջ Հայ կրթական հիմնարկութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ներկաներուն: