ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իր միակողմանի մեկնաբանութիւններով ու եզրակացութիւններով, ինչպէս նաեւ ոչ դիւանագիտական պոռթկումներով ծանօթ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, «գոհար» մը եւս արտահանեց իր բերանէն, այս անգամ պնդելով, թէ Կիպրոսի տագնապին ձգձգման պատճառը ոչ թէ 1974էն ի վեր կղզիին հիւսիսային հատուածը բռնագրաւած պահող թրքական ուժերն են, այլ՝ Եւրոմիութիւնն է…
Ան այս հաստատումը կատարեց Շաբաթ, Յունուար 30ին, «Euronews» պատկերասփիւռի կայանին թրքերէնով նոր հաղորդումներու առաջին օրուան յայտագիրներէն մէկուն ընթացքին: Էրտողան նաեւ զարմանք ձեւացնելով՝ աւելցուց, թէ կիպրացի յոյները կիպրացի թուրքերուն նման դրականօրէն չեն մօտենար տագնապը լուծելու աշխատանքներուն։ Արդեօք Էրտողան բնական չի՞ համարեր այն իրողութիւնը, որ Անգարայի բռնի միջամտութեամբ պետութեան մը տէր դարձած (հոգ չէ թէ միայն Թուրքիոյ կողմէ ճանչցուող) կիպրացի թուրքերը աւելի դրական մօտեցում ցուցաբերեն, քան իրենց երկրին մէկ երրորդը կորսնցուցած Կիպրոսի քաղաքացիները:
«Յարձակիլը պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցն է» տրամաբանութեամբ Էրտողանի այս յայտարարութիւնները կու գան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քիչ մը շատ գործածուած ու մաշելու սկսած այն արխիւներէն, որոնցմէ դուրս եկող «տրամաբանութիւնը» կը փորձէ աշխարհին համոզել, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները հետեւանք են Երեւանի կողմէ պարտադրուող նախապայմաններուն:
Ուրիշ բան կարելի չէ ակնկալել «մեր նախահայրերը ցեղասպանութիւն չեն գործած» պնդումով Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճարպիկօրէն ուրանալ փորձող, կամ հայերու եւ քիւրտերու արիւնով ծանրացած իր մատով՝ Ֆրանսայի, Եւրոմիութեան կամ Իսրայէլի բարոյական դասեր տալու միշտ պատրաստ վարչապետէն, որ անվախօրէն կը շարունակէ իր սուտերը արտասանել, առանց գիտակցելու, որ կրնայ օր մը շնչասպառ ըլլալ, եթէ շարունակէ, ջայլամի մը նման, գլուխը խորունկ փոսի մը մէջ պահել՝ իրականութիւններէն փախուստ տալու իր քաղաքականութիւնը յաջողութեամբ պսակելու յոյսով: