ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Նիուզ.Էյ.Ամ.».- Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Ճոն Փրեսքոթն ու Ճորճ Քոլոմպիէն, նամակով մը դիմած են Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին՝ բարեփոխումներու յստակ ժամկէտ պահանջելով մինչեւ յառաջիկայ Մարտ 17, երբ Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մոնիթորինկ»ի յանձնաժողովին նիստը:
ԵԽԽՎի նամակին մէջ նշուած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտին անյապաղ բարեփոխումներ իրականացնել՝ 2008ի Մարտ 1-2ի դէպքերու պատճառներուն քննութեան առումով:
Ըստ համազեկուցողներուն, յանձնաժողովին կողմէ առաջարկուած բարեփոխումները իրականացնելու պարագային, հնարաւոր կը դառնայ բացայայտել Մարտ 1-2ին տեղի ունեցած դէպքերուն հանգամանքները: Բարեփոխումները պէտք է ընդգրկեն ոստիկանութիւնը, անկախ դիտորդական մարմինները, պատկերասփիւռը եւ Ընտրական օրէնսգիրքը:
Համազեկուցողները յայտնած են նաեւ, թէ անոնք մտադիր են գարնան այցելել Երեւան եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրավիճակին: