ՊԱՔՈՒ.- «Տէյ.Ազ.) ատրպեճանական լրատու գործակալութիւնը Փետրուար 2ին հաղորդած է, թէ «Եուրոնիուզ» լրատուական կայանի թղթակիցները ձեռնարկած են պատրաստութեան տեսաերիզի մը, ուր պիտի ներկայացուի նախապէս Արցախ բնակող ատրպէյճանցի գաղթականներու վիճակը եւ պիտի լուսաբանուի ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ հանգրուանը:
«Տէյ.Ազ»ի համաձայն, «Եուրոնիուզ»ը ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պիտի ներկայացնէ ատրպեճանական տեսանկիւնէն դիտուած:
«Եուրոնիուզ» նախապէս պատրաստած էր տեսաերիզ մը՝ «Փոփոխութեան քամիներ՝ Ղարաբաղի մէջ» խորագրով, ուր, ըստ «Տէյ.Ազ»ի, անտեսուած էին ատրպեճանական կողմի տեսակէտները եւ՝ «նենգափոխուած էին պատմական իրողութիւնները»:
Սոյն տեսաերիզին ուղղութեամբ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի նամակ մը յղած էր «Եուրոնիուզ»ի տնօրէնութեան: Նշեալ նամակին արդիւնքը կը նկատուի «Եուրինիուզ»ի պատրաստելիք նոր տեսաերիզը:
Նշենք, որ այս հարցին կապակցութեամբ, Յունուար 23ին, Արցախի լրագրողներու միութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն բնագիրը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Ադրբեջանական «Նիուզ.Ազ» էլեկտրոնային պարբերականը հաղորդագրութիւն է տարածել այն մասին, որ «Եուրոնիուզ» հեռուստաալիքի նկարահանող խումբն այս օրերին նկարահանումներ է կատարում Թարթառի եւ Աղդամի սահմանամերձ շրջաններում: Տեղեկատուութիւնն ինքնին յաւակնոտ է այն առումով, որ նախ՝ յիշեալ տարածքը մերձռազմաճակատային է անուանւում, եւ երկրորդ՝ իբր եւրոպացի լրագրողն այդտեղ է ժամանել՝ ծանօթանալու ադրբեջանցի փախստականների կենսական պայմաններին:
Եթէ ադրբեջանական քարոզչամեքենայի ոճական հնարքները մեզ այլեւս չեն զարմացնում, եւ կարելի է անուշադրութեան մատնել հրադադարի ռեժիմում գտնուող տարածքը «մերձռազմաճակատային» որակելը, ապա առնուազն տարակուսանք է յարուցում այն, որ եւրոպական հեղինակաւոր լրատուամիջոցը կարող է ղարաբաղա-ադրբեջանական հակամարտութեան գօտում առկայ վիճակը միակողմանի ներկայացնել:
«Պրոֆեսիոնալ մօտեցումը ենթադրում է, որ նկարահանող խումբը կը լինի նաեւ սահմանի միւս կողմում՝ սահմանամերձ հայկական բնակավայրերին պատերազմի պատճառած հետեւանքների մասին եւս լիարժէք պատկերացում կազմելու համար:
«Ցաւալի է, որ «Եուրոնիուզ»ը տեղի է տուել ադրբեջանական բողոքական զանգուածի ճնշումներին: Յուսով ենք, որ լրատուամիջոցը հիմա էլ կոնֆլիկտը (հակամարտութիւնը-Խմբ.) ուրիշ դիտանկիւնից չի ներկայացնի:
«Չկայ այլ ճշմարտութիւն, քան իրական փաստերն են, իսկ երբ դիտուածքը միայն մէկ անկիւնից է՝ այն չի կարող ճշմարտանման լինել: Եւրոպական հեռուստալսարանին պէտք է մատուցել բացառապէս անաչառ տեղեկատուութիւն, այլապէս նոյն հեռուստադիտողը թիւրիմացութեան մէջ կը յայտնուի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.