Մ. Է.
ՀԱԼԷՊ.- Գեղարուեստական գրականութիւն մշակելու շնորհը, յատկապէս բանաստեղծութեան մէջ արուեստի ճաշակին առընթեր, կը հիմնուի լեզուական հմտութեան վրայ, իսկ մայրենի լեզուի կողքին երկրորդ լեզուով ստեղծագործող բանաստեղծը յատուկ երեւոյթ է եւ հազուագիւտ՝ հայ իրականութեան մէջ։
Սալբի Պաղտասարեան-Տոլմաճեան հալէպահայ երիտասարդուհի մըն է՝ արաբերէնով բանաստեղծութիւն մշակող, որ Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին՝ «Էմ.Պի.Սի.-1» արբանեակային կայանի առաւօտեան «Սապահ խէյր եա արապ» (Բարի լոյս արաբներ) յայտագիրի «Իշք քալիմաթ» (Բառերու սէրը) բաժինի բանաստեղծական մրցումին, հասաւ առաջին երեք ընտրեալներու հանգրուանին։
Երեսունհինգ տարիքը չբոլորած կիներու յատուկ բանաստեղծական այս մրցումը բաժնուած է երկու սեռերու՝ դասական արաբերէն (ֆուսհա) եւ գաւառական բարբառով (նապաթի), որոնցմէ պիտի ընտրուին երկու յաղթականներ։
Առաջին հանգրուանին շուրջ երեք հարիւր մասնակիցներէն մէկն էր Սալբին, որ տեղ գրաւեց ութ ընտրեալներու շարքին իր մասնակցած սեռի՝ դասական արաբերէնի բաժինին մէջ, եւ յաջորդական հինգ շաբաթներու վրայ երկարող զտումի հանգրուանները նուաճելէ ետք, այսօր՝ Չորեքշաբթի, Փետրուար 3ի կէսօրուան ժամը 12։00էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2։00, նշեալ արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի ուղղակի սփռուած յայտագիրով կը ներկայանայ աւարտական մրցումին։
Մասնակիցներուն զտումը կը կատարուի դատակազմի մը կողմէ, որ իր որոշումներուն մէջ նկատի կ՛ունենայ նաեւ դիտողներու քուէարկութեան արդիւնքները։
Սալբի Պաղտասարեան-Տոլմաճեան ծնած է Հալէպ՝ 1979ին, նախակրթութիւնը ստացած է Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպենկեան կեդրոնական վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի ամերիկեան աղջկանց քոլեճի մէջ, ապա վկայուած՝ Հալէպի պետական համալսարանի զբօսաշրջութեան ուսումնարանէն, ամուսնացած է եւ մայր՝ երկու դուստրերու։
Գրական հանդէսներու մէջ հրատարակած բանաստեղծութիւններով, ան մասնակցած է նաեւ հալէպցի յայտնի բանաստեղծ Սամիր Թահանի «Ճէնք» (Տաւիղ) բանաստեղծական հատորին, իր չափածոյ խօսքով՝ հեղինակին ուղղուած։
«Ազդակ» օրաթերթի 80ամեակին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսին, երկու պատկերներով իր նուիրատուութիւնը կատարած էր Սալբին, որ աւարտած է Հալէպի «Ռոլան Խուրի» գեղարուեստական ակադեմիան եւ իր մասնակցութիւնը բերած է հաւաքական զանազան ցուցահանդէսներու՝ ունենալով նաեւ անհատական ցուցահանդէսներ։
Յառաջիկայ հանգրուանի մրցումին մեր մաղթանքն է, որ Սալբին նուաճէ մրցումի առաջնութիւնը՝ եզակի երեւոյթ մը իր լրումին հասցնելով ախոյեանութեան դափնեպսակով։
Յայտագիրին եւ մրցումին մասին տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել www.mbc.net/galaxy կայքէջին։