ԿԱԼԿԱԹԱ.- Յունուար 30ին, Հնդկաստանի հայ համայնքէն ներս, երիտասարդներու եւ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի, ինչպէս նաեւ անոր որդիին՝ Սուրբ Մարտիրոսի տօնը նշուեցաւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կազմակերպած նկարչութեան մրցոյթին ընթացքին:
Նախապէս յայտարարուած մրցոյթի մասնակից աշակերտները պէտք է նկարէին Սուրբ Սարգիսը: Նախքան մրցոյթը, Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն աբղ. Յովհաննէսեան օրհնեց դպրոցի դահլիճին մէջ հաւաքուած հիւրերը, խօսեցաւ տօնի խորհուրդին ու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ զօրավարի նահատակութեան մասին: Ապա յորդորեց իր սաները՝ «սիրել միմեանց, եկեղեցին, հայրենիքը, եւ ապրիլ հանդուրժողականութեամբ»:
Այնուհետեւ երեխաները նկարեցին իրենց երեւակայութեան մէջ մարմնաւորուած Սուրբ Սարգիսը: Աւարտին հայր Խորէնը լաւագոյն երեք նկարներուն նկարիչները պարգեւատրեց: