ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորս օրերու վրայ տարածուած աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որ սկիզբ առաւ Չորեքշաբթի, Յունուար 27ին, Անթիլիասի մայրավանքէն ներս, Շաբաթ Յունուար 30ին աւարտեց իր նիստերը, եւ եզրափակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը:
7րդ այս նստաշրջանին համար առաջադրուած օրակարգի հիմնական հարցը՝ «Եկեղեցիներ ինչպէ՞ս ընդունեցին Տիեզերական Ժողովները եւ ինչպէ՞ս արտայայտեցին իրենց իրարու հետ հաղորդութեան մէջ ըլլալը, եւ այս երկու պարագաներուն՝ Հռոմ մասնաւոր դերակատարութիւն մը ունեցա՞ւ», ընդհանուր արժեւորման ենթարկուեցաւ՝ ներկայացուցած բոլոր դասախօսութիւններու լոյսին տակ:
Ապա, ժողովը աւարտեցաւ ժողովական աշխատանքներու զեկոյցի որդեգրումով եւ յաջորդ ժողովին թուականի եւ վայրի ճշդումով՝ 2011ի Յունուար 24-29, Վատիկան։
Յայտնենք, որ լիբանանեան «Թելէ Լիւմիէր» պատկերասփիւռի կայանը հարցազրոյց ունեցաւ ժողովին մասնակցողներուն հետ, որոնք իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին ո՛չ միայն ժողովական աշխատանքներուն գծով, այլ նաեւ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին, որուն կողմէ հիւրընկալուած էր սոյն նստաշրջանը:
Նշենք, որ Կիրակի, Յունուար 31ին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, քարոզեց կարտինալ Ուլթըր Գասբար, ընդգծելով այն նոր իրավիճակը, որ ստեղծուած է այսօր եկեղեցիներուն միջեւ: Կարտինալը նաեւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Պենետիքթ 16րդ պապի եղբայրական ողջոյնները, եւ ուրախութիւնը՝ ստեղծուած այս գեղեցիկ պատեհութեան համար: