ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Յունուար 28ին սկսած է քննարկելու Թուրքիոյ ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններու եւ Յունաստանի թուրք մահմետական փոքրամասնութիւններու կրօնական ազատութիւններու ու մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ ֆրանսացի պատգամաւոր Միշել Հիւնոյի զեկոյցը:
Ըստ թրքական «Զաման» լրատուամիջոցին, երկու երկիրներու հասցէին լուրջ քննադատութիւն պարունակող զեկոյցին մէջ ըսուած է, թէ երկու երկիրներն ալ չեն կատարեր կրօնական փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ ԵԽԽՎի պահանջները:
Զեկոյցին մէջ կ՛առաջարկուի, որ այս երկիրներուն մէջ ազգային փոքրամասնութիւններուն հանդէպ վերաբերմունքը դիտարկուի Մարդու իրաւունքներու համաեւրոպական համաձայնագրի պահանջներուն համաձայն, այլ ոչ թէ առաջնորդուի առանձին իրաւունքներէ հրաժարելու՝ Լոզանի պայմանագրի «փոխադարձութեան» սկզբունքով: «Փոխադարձութեան» կէտի կիրառումը անհրաժեշտ է յատկապէս փոխյարաբերութիւններու մէջ հարցեր ունենալու պարագային:
Զեկոյցին մէջ երկու երկիրներուն ուղղուած է կոչ՝ քայլեր ձեռնարկելու կրօնական փոքրամասնութիւններու կրթական եւ սեփականութեան հարցերու լուծման ուղղութեամբ:
ԵԽԽՎն թրքական իշխանութիւնները կը յորդորէ իրաւաբանօրէն ճանչնալ Պոլսոյ Հայաստանեաց առաքելական, յունական, պուլկար ուղղափառ եւ այլ եկեղեցիներու պատրիարքարանները: