ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Յունուար 29ին, Հնդկաստանի Մալապար ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Պասիլիոս Մարթոմա Տիտմոս Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ երկու եպիսկոպոսները՝ Կապրիէլ Մար Կրէկորիոս եւ Մաթիու Վելանիքալ, հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ՝ պաշտօնական նամակ մը յանձնելով անոր:
Երկու հոգեւորականները Անթիլիասի մայրավանքը ժամանած էին մասնակցելու համար Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ կայացող աստուածաբանական երկխօսութեանց 7րդ նստաշրջանին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հնդկաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու՝ հայ եւ հնդիկ, քոյր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը առաւել եւս սերտացնելու հեռանկարները:
Յայտնենք, որ Հնդկաստանի Մալապար ուղղափառ եկեղեցւոյ կաթողիկոսը իր նամակով հրաւէր ուղղած է վեհափառ հայրապետին, պաշտօնական այցելութիւն տալու Հնդկաստանի քոյր եկեղեցւոյ: