ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Այսօրուան սիւնակին խայծը եկաւ «Մարմարա»էն, որ Հինգշաբթի օրուան թիւին մէջ կարճ լուր մը ունէր ամերիկեան ձայնասփիւռի յառաջդիմական «Երիտթուրքեր» յայ-տագրի խօսնակներէն եւ արտադրիչներէն Անահիտ Միսաք (Էնա) Գասպարեանի մասին, որ կայանին մէջ կը կատարէ թէ՛ խօսնակի պարտականութիւն, եւ թէ՛ կը պատրաստէ օրուան յայտագիրները։
«Ուրեմն հայուհի մըն է, որ իթթիհատականներու անունը կրող ռատիօկայանի մը ունկնդիրները կը հաւաքէ կայանին շուրջ», կը գրէ «Մարմարա», սակայն իրականութեան մէջ յայտագրին անունը կապ չունի իթթիհատականներու սկզբունքներուն հետ, այլ կ՛առնչուի «երիտթուրք» անուան ընդհանուր իմաստին՝ իշխանութեանց այլընտրանք մը դառնալու նոր սերունդի մղումին:
Նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի օրերուն յառաջդիմական դէմքերու կողմէ ստեղծուած եւ Պուշի պահպանողական քաղաքականութիւնը քննադատող յայտագրին հիմնադիրներէն ու խօսանակներէն մէկն է Պոլիս ծնած եւ 8 տարեկանին Միացեալ Նահանգներ գաղթած իրաւաբան Չենք Իւղուրը:
Ակնարկելով կայանին անուան ստեղծած շփոթին՝ Գասպարեան կը գրէ, թէ շատ հայեր զինք կը քննադատեն՝ «թուրքերու համար աշխատելու յանցանքով», առանց հաղորդումներուն մտիկ ըրած ըլլալու:
Գասպարեան կը վստահեցնէ, թէ կայանին հետ իր գործակցութիւնը պիտի դադրեցնէ, եթէ անոր պատասխանատուները հայերը վարկաբեկող կամ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու դիրքորոշում մը որդեգրեն:
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի լրագրութեան բաժինէն վկայուած Գասպարեան, որ աւելի ուշ նաեւ քաղաքական գիտութեանց մարզին մէջ Մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է, զաւակն է Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայորդիներու:
Գասպարեան կը գրէ. «Ամէն օր կը կարդամ, կը գրեմ, կը խօսիմ, կ՛եփեմ, կը պարեմ ու կը շնչեմ հայերէն»:
Յայտնենք, թէ «Երիտթուրքեր» յայտագիրը, որ ներկայիս կարելի է ունկընդրել արբանեակային «XM» ու «Sirius» ձայնասփիւռի կայաններէն, կարելի է դիտել նաեւ «Youtube»ի վրայ: Յայտագիրը նախապէս կը սփռուէր յառաջդիմական «Air America» ձայնասփիւռի կայանէն, որուն հաղորդումները դադրեցան անցեալ ամիս:
Մանրամասնութեանց համար այցելել www.theyoungturks.com կայքը:
anssiga ayn aghtchg’n e vor erdo’ine hartsouts
touk ge merjek tser gadardz génocide’e hay azkine vra
katch yev ari-arants hayouhi
ge chenorhavorenk ez-kez
chenorhagaloutioun
ps
Ասիկա այն հայուհին է որ էրտոյին հարցուց
«դուք կը մերժէ՞ք ձեր կատարած «ժենոսիտը» Հայ ազգին վրայ»
Քաջ եւ արի-արանց հայուհի
Կը շնորհաւորենք զքեզ
Շնորհակալութիւն
Ապրիս
Ասիկա այն հայուհին է որ էրտոյին հարցուց
«դուք կը մերժէ՞ք ձեր կատարած «ժենոսիտը» Հայ ազգին վրայ»
Քաջ եւ արի-արանց հայուհի
Կը շնորհաւորենք զքեզ
Շնորհակալութիւն
Ապրիս