Հեղինակութեամբ փորֆեսէօրներ Հենրի Պարքիի ու Թոմաս տէ Վալի, «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Ուրբաթ, Փետրուար 5ի թիւին խմբագրական էջին վրայ լոյս տեսած է վերոյիշեալ խորագիրով յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն:
Անոնք կը գրեն, թէ Ուաշինկթընի օրհնութիւնը վայելող Արձանագրութիւններուն ստորագրութեամբ, ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ՝ երկու երկիրները կ՛ուղղուին դէպի «մեծն հաշտութիւն», սակայն արդէն իսկ ի յայտ եկած է, թէ գործընթացը «փրկուելու կարիքը ունի»:
Գրելով Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին դէմ Թուրքիոյ վերապահութիւններուն մասին՝ անոնք հարց կու տան, թէ Անգարա այս հանգրուանին ինչո՞ւ կը փորձէ նահանջել, ու անմիջապէս կ՛աւելցնեն, թէ Թուրքիոյ համար, արձանագրութիւնները, մասամբ, միջոց մըն էին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ դնելու:
«Սական Անգարա նաեւ անակնկալի մատնուեցաւ արձանագրութիւններուն դէմ ցուցաբերուած խիստ ընդդիմութենէն, որ կու գար ներքին ճակատէ ու դաշնակից Ատրպէյճանէն», կը գրեն յօդուածագիրները, որոնք կ՛աւելցնեն, թէ Թուրքիա մեծ յոյսեր ունէր, որ Արցախի հարցով յառաջխաղացք մը կրնար Պաքուիի ընդդիմութիւնը մեղմացնել, սակայն ցարդ կարելի չէ եղած այդ մէկը իրականացնել՝ նեղ կացութեան մատնելով Անգարան:
Ընդդիմութիւնը նոյնքան զօրաւոր էր հայկական Սփիւռքէն, կը գրեն փորֆեսէօրները, որոնք նաեւ կ՛աւելցնեն, թէ «Աշխարհը պիտի չընդուին Թուրքիոյ սահմաններուն փոփոխութիւնը» եւ «Հաւանական չէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունի» միջազգային պարտադրանքի տակ, պնդելով, որ այդ մէկը իրականացնելու լաւագոյն միջոցը Թուրքիոյ մէջ սկսած ներքին բանավէճն է:
«Հայաստանի պարագային, Սարգսեանի համար քաղաքական անձնասպանութիւն պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի գծով յատկանշական զիջում մը կատարելը, սակայն որոշ յառաջխաղացքի մը Թուրքիոյ ակնկալութիւնը անտրամաբանական չէ», կ՛աւելցնեն անոնք, որոնք կ՛եզրակացնեն ըսելով, թէ արձանագրութեան ձախողութիւնը կացութիւնը աւելի վտանգաւոր պիտի դարձնէ Կովկասի մէջ ու հարուած մը պիտի հասցնէ Թուրքիոյ միջազգային վարկին:
Իբրեւ դարման, անոնք կ՛առաջարկեն «Նախիջեւանի հայկական շրջափակման մեղմացումը»՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման զուգահեռ, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վերաբանալ Ատրպէյճան-Հայաստան-Նախիջեւան-Թուրքիա երկաթուղին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.