Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի ու Արցախի դէմ հին ու նոր զրպարտութիւններ արձակելու համար, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան օր չեն կորսնցներ։
Հայաստան կ՛ամբաստանուի Ատրպէյճանէն հող գրաւած ըլլալու մեղադրանքով։
Հայաստան կ՛ամբաստանուի 10 Հոկտեմբերի փրոթոգոլներով «բիւրեղացած» ուղիին դէմ գործելու, Սահմանադրական Դատարանի ծանօթ վճիռով՝ նախապայմաններ դնելու յանցանքով։
Հայաստանն ու հայութիւնը կը մեղադրուին Թուրքիայէն հողային պահանջ ունենալու յանցանքով։
Թուրքիա կը յայտարարէ, որ Հայաստան ու հայութիւնը Թուրքիոյ պետութեան դէմ զրպարտութիւն կ՛ընեն, զայն մեղադրելով իբրեւ Ցեղասպան։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան օր ցերեկով իրենց «(սատկած) էշը յառաջ քշելու համար», կը ձեռնարկեն դիւանագիտական արշաւներու, թուրք դեսպան մը կը յոխորտայ, որ հայութեան ճիգերը երբե՛ք Ցեղասպանութեան ճանաչում պիտի չապահովեն Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանին մէջ։
Թուրքիա կը մրճահարէ իր այն տեսակէտը, թէ Հայկական Սփիւռքը կը խոչընդոտէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումը՝ հրապարակ նետելով «ծայրայեղական պահանջներ ու կեցուածքներ»։ Այս «գիւտը» մինչեւ իսկ հաւատացողներ կը գտնէ Երեւանի մէջ…
Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի անհիմն վերագրումները, պատմական տուեալները խեղաթիւրելու, գլխիվայր շրջելու փորձերը՝ լսող ականջներ ու ընդառաջող տրամադրութիւններ կը գտնեն արեւմտեան թէ արաբական աշխարհներու մէջ, վաղը օղակը կրնայ տարածուիլ դէպի նոր հորիզոններ։
Իսկ մեր Հայաստա՞նը…
Երեւանի մէջ յայտնապէս կը հաւատան, որ «լռութիւնը ոսկի է» վարքագիծը ի զօրու է քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզին մէջ ալ։ Հազիւ թէ մխիթարական են, բայց ոչ՝ բաւարար, պետական մարդոց այն հատ ու կէնտ, ամօթխածութեամբ պարուրուած արտայայտութիւնները, թէ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի սպառնական ու մեղադրական խօսքերը անտեղի են։
Ո՞ւր է մեր դիւանագիտական մեքենան։ Ինչո՞ւ մէկի դէմ երեք հակազդեցութիւն չի ցուցաբերուիր նման զրպարտութիւններու եւ խեղաթիւրման արշաւներու դիմաց։ (Եթէ կը կատարուի, ժողովուրդը ինչո՞ւ տեղեակ չի պահուիր)։ Ինչո՞ւ հայութեան արդար իրաւուքներուն նկատմամբ հասկացողութիւն ու համակրանք ցուցաբերողնե՛ր անգամ կը թողլքուին Թուրքիոյ ստեղծած սուտերու ալիքներուն մէջ։ Ինչո՞ւ ստապատիր արշաւներուն դէմ Հայաստան-Սփիւռք միացեալ ու համակարգուած աշխատանք չի զարգանար, խորագիր ունենալով Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդի ազգային գերագոյն շահերը։
Ո՛չ. լռութիւնը նման պայմաններու մէջ ոսկի չէ, ուրիշ բան է…