Հետաքրքրականօրէն, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Երկուշաբթի, Փետրուար 1ին, իր համացանցային կայքին վրայ նոյնութեամբ զետեղած է «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինին մէջ Շաբաթ, Յունուար 30ին լոյս տեսած եւ մեր համացանցային կայքին (www.asbarez.com) վրայ տեղադրուած այն լուրը, թէ՝ «Շամլեան» վարժարանը նախաձեռնած է դրամահաւաքի մը՝ օգնութիւն հասցնելու համար Հայիթիի երկրաշարժի զոհերուն: