ՖՐԵԶՆՕ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին, Վարդանանցի տօնակատարութիւն տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, համահովանաւորութեամբ «Վարդանի ասպետներ եւ դուստրեր»ու «Եփրատ» դահլիճին ու «Ալիծ» օթեակին, ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական միւս եկեղեցիներուն:
Տօնակատարութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն՝ «Վարդանի ասպետներ»ու հովանաւորութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (559) 486-1141 թիւով: