Կիրակի, 31 Յունուար 2010, առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՄԸՄի նոր կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Շրջ. վարչութեան կազմակերպած նորընտիր վարչութիւններու սեմինարը, աւելի քան 60 վարչական պատասխանատուներու մասնակցութեամբ:
Սեմինարը երկու բաժին ունէր: Առաջին բաժինով Շրջ. վարչութիւնը ներկայացուց շրջանի ՀՄԸՄը յուզող հարցեր եւ մասնաճիւղերէն պահանջուած պարտականութիւններ, իսկ երկրորդ բաժնով մասնակիցները իրենց պաշտօններուն համաձայն խմբակներու բաժնուեցան եւ հետեւեցան մանրամասնօրէն փոխանցուած համապատասխան նիւթերուն:
Սեմինարի կազմակերպիչ մարմնի անունով ներկաները ողջունեց Շրջ. վարչութեան քարտուղարուհի Մարօ Քէշիշեան, որ առաջին հերթին շնորհաւորելով նորընտիր վարչութեանց կազմերը, բարձր գնահատեց անոնց զոհողութեան ոգին եւ խնդրեց գործակցիլ Շրջ. վարչութեան հետ, որպէսզի ծրագրուած աշխատանքները յաջողութեամբ պսակուին:
«Դուք բոլորդ արժանաւոր անձեր էք, արժանիքներ ունիք, որոնց համար ալ ղեկավար պաշտօնի վրայ կը գտնուիք: Շրջ. վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ եւ կը վստահի ձեր կարողութիւններուն, որոնք ի սպաս պիտի դրուին ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդներու դաստիարակութեան: Ձեր նման անձնազոհ հայորդիներու զոհաբերումներու հետեւանքով է, որ ՀՄԸՄը աւելի քան 90 տարիներ գոյատեւեց եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել», յայտնեց Քէշիշեան:
Ապա ան ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ ՀՄԸՄի այլ մասնաճիւղերու օրինակին հետեւելով ՀՄԸՄի Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղը եւս շուտով պիտի ունենայ իր սեփական կեդրոնը, շրջանի քոյր կազմակերպութիւններու հետ համատեղ:
Այնուհետեւ, շրջանի սկաուտական աշխատանքներու եւ ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրի մասին մանրամասնութիւններ փոխանցեց Շրջ. վարչութեան սկաուտականի կապ Փիէռ Մանուկեան, իսկ մարզական աշխատանքներու եւ յատկապէս 13-15 Փետրուար 2010ին, տեղի ունենալիք ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի 25րդ Մարզախաղերու մասին մանրամասնութիւններ փոխանցեց Շրջ. վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Ժանօ Գահավէճեան:
Շրջ. վարչութեան գանձապահ Ռիմա Աբեդի-Սաղրեան փոխանցեց մասնաճիւղերու նիւթական պարտաւորութիւնները եւ իբրեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն ՀՄԸՄին տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ ապահովելու միջոցներն ու ձեւերը:
ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան Ռազմավարական Ծրագրումի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Աբրահամեան ներկայացուց ընդհանուր ՀՄԸՄի ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:
Իսկ Զարեհ Պաղտասարեան ներկայացնելով «Who Moved the Cheese» գիրքը, ընդգծեց միութիւններէն ներս նորութիւններ բերելու կարեւորութիւնը եւ յաջողութեան հասնելու համար զանոնք իրագործելու անվախ մօտեցումը:
Սեմինարի առաջին բաժինի վերջին ներկայացումը կատարեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան, որ ներկայացնելով Շրջ. վարչութեան 2010 տարեշրջանի աշխատանքային ծրագիրը, խրախուսեց ներկաները ջանք չխնայելու՝ մասնաճիւղերը հզօրացնելու եւ ՀՄԸՄի առաքելութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ:
Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, ներկաները իրենց պաշտօններուն համապատասխանող խմբակներու աշխատանքներուն մասնակից դարձան եւ ականջալուր եղան իրենցմէ պահանջուած պարտականութիւններուն եւ զանոնք իրականացնելու միջոցներուն: Այսպէս.
* Մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպիրի պարտականութիւններու եւ յատկապէս ժողովի ատենագրութիւններու եւ նամակներու պատրաստութեան եղանակին մասին բացատրութիւններ տուաւ Մարօ Քէշիշեան:
* Data Baseի օգտագործման միջոցները, անոր պատասխանատուի պարտականութիւններու կարեւորութիւնը, նոր անդամներ արձանագրելու ձեւը եւ համապատասխան օրէնքներու կիրարկման մասին լայն բացատրութիւններ տուին Վիգէն Աբէլեան եւ Նայիրի Տէրտէրեան:
* Ատենապետներու պարտականութիւնները, ակնկալութիւնները, ապագայ ծրագիրները, հետապնդած նպատակներն ու միացեալ աշխատանքներու մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ Սթիւ Արթինեան:
* Հաշուապահական ու գանձումներու ձեւերը եւ հաշուապահական արդի միջոցները ներկայացուց Ռիմա Աբեդի-Սաղրեան:
Շահեկան այս սեմինարը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 3ին: Մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, փոխանցուած գիտելիքները իրենց մասնաճիւղերէն ներս կիրարկելու պատրաստակամութեամբ:
————————————————————————————————————————–
ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» Մասնաճիւղի 25րդ Միջ-մասնաճիւղային Մարզախաղերը
ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած 25րդ տարեկան միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան 13, 14 եւ 15 Փետրուար 2010ի շաբաթավերջին, Սան Տիէկոյի մէջ: Այս տարի, բացի պասքէթպոլէն, մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն նաեւ վոլիպոլի մարզաճիւղի մրցումներ:
Մարզախաղերուն կրնան մասնակցիլ պասքէթպոլի Ա., Բ. եւ Գ. դասակարգերու երկսեռ խումբերը, ինչպէս նաեւ աղջիկներու վոլիպոլի Ա. դասակարգի խումբերը:
Մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել մասնաճիւղի վարչութեան մարզական պատասխանատու
Փիթըր Մանուշակեանին (858) 354-7820 թիւով
կամ ե-նամակի manoushakianp@hotmail.com հասցէով:
ՀՄԸՄի «Սեւան» մասնաճիւղի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը աւանդաբար մաս կը կազմեն ՀՄԸՄի մարզական օրացոյցին: ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու մասնակցութիւնը մեծապէս քաջալերելի է: