ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ, 21րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու աւանէն ներս, Փետրուար 6ին տեղի ունեցած է Հայաստանի դրօշակի բարձացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի մարզական պատուիրակութեան ղեկավար, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան, Հայաստանի մարզիկները եւ մարզիչները, նաեւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ու Վանքուվըրի խաղերու կազմակերպիչներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հիւրեր եւ հանդիսատեսներ: