ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահի վարչակազմի փոխղեկավար Վիգէն Սարգսեան այս շաբաթ պիտի այցելէ ԱՄՆ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պաշտօնեաներու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն նուիրուած հասարակական քննարկումներուն:
Վ. Սարգսեան բանավէճ պիտի ունենայ ՄԱԿի մէջ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ Էրթուղրուլ Ապականի հետ, իսկ Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ (CSIS), ելոյթ պիտի ունենայ՝ «հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներ. հայեացք Երեւանից» թեմայով: