ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Համացանցային կայքերը մշտապէս հետախուզող, կովկասեան տարածաշրջանը ներկայացնող իւրաքանչիւր հրապարակուած քարտէս հիւանդագին ջանադրութեամբ զննող ու անմիջապէս քարտէսները «սրբագրելու» պահանջներով հանդէս եկող Ատրպէյճանը, այս օրերուն դարձեալ աշխուժացուցած է իր քարոզչական մեքենան:
Այս անգամ թիրախը «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթն է, որ համարձակած է զբօսաշրջութիւնը խթանող իր տարեկան մեծագոյն ցուցահանդէսին մասնակից դարձնել Հայաստանի հիւպատոսարանը եւ տեղւոյն Հայկական առեւտուրի պալատը, նաեւ թոյլ տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայանայ առանձին տաղաւարով:
Միացեալ Նահանգներու ազերի համայնքի ներկայացուցիչները իրենց բողոքի ու ընդվզումի նամակները յղած են «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի տնօրէնութեան: Թերթի պատասխանատուներուն բողոքի նամակ յղած է նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Արտրպէյճանի հիւպատոս Էլին Սուլէյմանովը:
Ատրպեճանական քարոզչական մեքենան չի բաւարարուիր միայն հակազդելով իր շահերը վնասող ձեռնարկներու ու հրապարակումներու, այլ յաճախ կ՛ըլլայ նախայարձակ՝ փորձելով վարկաբեկել ղարաբաղեան ազատագրական պայքարը՝ չխորշելով իրողութիւնները կեղծելու վարքագիծէն:
Արդարեւ, վերջին տարիներուն, յատկապէս այս օրերուն, ատրպեճանական քարոզչական մեքենան կ՛աշխուժանայ, ու իր ամէն հնարաւորութիւնները գործի լծելով՝ կը փորձէ նենգափոխուած ներկայացնել Խոջալուի իրադարձութիւնները, զանոնք ներկայացնելով իբրեւ «Ցեղասպանութիւն»:
Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի մակարդակով ծրագրուած ու գործադրութեան դրուած «Խոջալուի ցեղասպանութիւն»ը աշխարհի հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն քարոզող ծրագիրները կ՛ընդգրկեն ազերի սփիւռքի եւ ատրպեճանական դեսպանատուներու ու հիւպատոսարաններու միացեալ, համակարգուած միջոցառումներ, ոգեկոչման հաւաքներ, մամլոյ ասուլիսներ ու մամուլի հրապարակումներ, եւ այլն:
Այս օրերուն, երբ ամերիկահայութիւնը կը փորձէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումը ապահովել՝ իբրեւ առաջին փուլ Քոնկրեսի կողմէն հաստատման, Խոջալուի իրադարձութիւններու նենգափոխուած քարոզչութիւնը ճամբայ կ՛ելլէ ամերիկեան հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղելու յստակ առաջադրանքով: Այստեղ համակարգումի այլ ծրագիր մըն ալ կ՛աշխատի, անշուշտ, ամերիկացի թուրքերու կազմակերպութիւններուն եւ թրքական պետական ներկայացուցչութիւններու միջոցներուն գործակցութեամբ:
Մեր ընելիքը.
Չթերագնահատել ատրպեճանա-թրքական քարոզչական մեքենային օրէ օր առաւել յղկուած ու կատարելագործուող հակահայ քարոզչութեան հետեւանքները, դիմագրաւել զանոնք, միեւնոյն ժամանակ յառաջ տանելով մեր ազգային խնդիրներուն շուրջ հանրութիւնը զգայուն դարձնելու աշխատանքները:
Ատրպէյճանը արդէն նոր դերակատար չէ այս մարտին մէջ, ունի լաւ ուսուցիչ՝ Թուրքիան, ունի լայն պետական հնարաւորութիւններ՝ պահելու մշտապէս գործող քարոզչական մեքենայ:
Չթերագնահատենք նաեւ մեր հնարաւորութիւնները. մեր կողքին է ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, մեր հայրենասիրական կորովը, մեր ոչ այնքան արհամարհելի փորձառութիւնը՝ աշխատելու առանց պետական միջոցներու ու օժանդակութեան: