Յունուար 16ին, «Շուշի» պարախումբի անդամները իրենց ծնողներուն հետ միասին մեկնեցան Օրլանտօ եւ Ֆլորիտա, ուր անմոռանալի շաբաթավերջ մը անցուցին։
Խումբի գեղարուեստական ղեկավար Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեանի առաջնորդութեամբ, պարախումբը երկու ելոյթներով հանդէս եկաւ Ֆլորիտայի մէջ։ Առաջին համերգը կայացաւ Յունուար 16ի յետմիջօրէին, Օլիմփիա վարժարանի սրահին մէջ, ի նպաստ Ս. Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ շինութեան։ Պարախումբը հրաշալի յայտագիր մը հրամցուց եւ անվերջ ծափահարութիւններ խլեց։
Նոյն օրը երեկոյեան, պարախումբը առիթն ունեցաւ հայկական դրօշակը բարձր բռնած յայտագիր մը ներկայացնելու «Տիզնի Ուորլտ ին Տաունթաուն»ի օտար բազմութեան, եւ արժանանալու «Միքի մաուս»ի նուէրին։
2009-2010ին «Շուշի» պարախումբը բազմազբաղ շրջան մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի, Շիքակոյի եւ Ֆլորիտայի մէջ տեղի ունեցած համերգներով ու 2009ի Նոր տարուան խրախճանքով։ Յառաջիկայ Մարտ 27ին, պարախումբը ներկայացում մը պիտի ունենայ «Ուայթ Փլենս»ի մէջ՝ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական վարժարանին ի նպաստ։
Վերջապէս, Յուլիս 2010ին, պարախումբը եւ կարգ մը ծնողներ պիտի մեկնին Միջին Արեւելք, ուր երեք շաբթուան ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Ամմանի, Հալէպի, Դամասկոսի ու Պէյրութի մէջ։