ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը վերջերս դիմած է ֆրանսական «Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան կարգաւորող յանձնաժողովի գործադիր տնօրէն Բարսեղ Գարթալեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն տրուող փոխհատուցման գումարներուն գծով:
Յանձնաժողովի գործադիր տնօրէնը յայտնած է, որ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Կեդրոնական շրջանային դատարանի դատաւոր Քրիստինա Սնայտըրի կողմէ ընդունուած որոշումով, հաստատուած են ընդամէնը 996 իրաւայաջորդներու դիմումները: Որոշումը վերջնական է եւ ենթակայ չէ բողոքարկման: Յանձնաժողովը ստացած է 13,790 դիմում (մօտ 3840ը ուղարկուած ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ), որուն 12,794ն մերժուած է՝ համապատասխան փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով: Ըստ Գարթալեանի, բոլոր հասցէատէրերուն եւ նոյնիսկ մերժուածներուն, շուտով պիտի ուղարկուին նամակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.