ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ քաղաքական խորհրդակցութիւն ունենալու եւ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակի բացման պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու նպատակով, Փետրուար 9ին Սուրիոյ Արաբական հանրապետութիւն մեկնած Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունուած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-սուրիական քաղաքական, առեւտրատնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր:
Իր խօսքին մէջ Հայաստանի փոխնախարարը շեշտած է, թէ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի Սուրիոյ հետ բազմակողմանի եւ բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու զարգացման, որուն մասին կը վկայէ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակին բացումը, որ նոր խթան կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի եւ Սուրիոյ՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան խորացման համար: