ՓԱՐԻԶ.– Ֆրանսայի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Է. Մողինի հրաւէրով, Փետրուար 8ին պաշտօնական այցով Փարիզ մեկնած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նոյն օրը հանդիպած է Ֆրանսայի հայ համայնքի աւելի քան 20 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդումին համաձայն, հանդիպման ընթացքին Ս. Օհանեան ներկայացուցած է Հայաստանի Զինուած ուժերու 18ամեայ պատմութիւնը, կարեւոր համարած՝ սփիւռքահայութեան դերը հայկական բանակի կայացման գործին մէջ եւ անդրադարձած՝ Զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումներու սկզբունքներուն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է նաեւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչները յուզող հարցերուն եւ զրուցած է բանակաշինութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայութեան դերը ընդլայնելու հեռանկարներուն մասին: