Քրտական «Ֆրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած քրտական հարցին նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին ելոյթ ունեցած թուրք լրագրող Էճէ Թեմելքուրան յայտարարած է. «Ոչ ոք Թուրքիան կը կառավարէ. ո՛չ թրքական, ո՛չ ալ քրտական կողմը։ Միակ բանը, որ Թուրքիան կը ղեկավարէ՝ վախն է»։
Ան համոզում յայտնած է, թէ կարիք կայ, որ թուրքերն ու քիւրտերը զիրար աւելի լաւ ճանչնան։
Թեմելքուրան եւրոպական ամպիոնէն խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան սկսած այն գործընթացը, որ «ժողովրդավարական նախաձեռնութիւն» պիտակուած է։
«Արդարութիւն եւ բարգաւաճումը հարիւր տարի չլուծուած երկու հիմնախնդիրները՝ հայկական եւ քրտական հարցերը, վճռած է մէկ շաբթուան մէջ լուծել։ Ստեղծուած իրավիճակէն ալ թուրքերը սկսած են վախնալ», նկատել տուած է թուրք լրագրողը՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ Թուրքիան մասնատուելու սարսափէն մղուած՝ շատ մը թուրքեր կը դիմեն ծայրայեղ ազգայնականութեան։