ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման, որ եռօրեայ այցելութեամբ Ատրպէյճան կը գտնուի, իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլ կ՛աջակցի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ պատրաստ է ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման գործընթացին մասնակից դառնալու։ Լիպըրման հանդիպում ունեցած է նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննելով երկկողմանի եւ միջազգային շարք մը հարցեր:
Յատկանշական է, որ Պաքուի մէջ, Լիպըրման խստօրէն քննադատեց Ատրպէյճանի «եղբայր» Թուրքիան, ըսելով, թէ անընդունելի է այն իրողութիւնը, որ Անգարա գրեթէ ամէն օր Իսրայէլը անտեղիօրէն կ՛ամբաստանէ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու յանցանքով: Ան կոչ ըրաւ Անգարայի, որ փոփոխութեան ենթարկէ Իսրայէլի հանդէպ իր քաղաքականութիւնը՝ պնդելով, թէ իրեն համար իսկ անյստակ է այս փոփոխութեան պատճառը:
Իսրայէլ-Ատրպէյճան-Հայաստան ու Իսրայէլ-Ատրպէյճան-Թուրքիա եռանկիւններէն անցնինք Իսրայէլ-Ատրպէյճան-Իրան կառոյցին, որուն մէջ, հետաքրքրականօրէն, ճիշդ այս օրերուն իրանական «Սահար» պատկերասփիւռի կայանէն սկսած է ցուցադրուելու հակաատրպեճանական յայտագիր մը, ուր իսրայէլեան յարձակումի զոհ դարձած պաղեստինցի մանուկներու դիակներու տեսարանին վրայ կը ցուցադրուին Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի պաշտօնատարներուն դէմքերն ու երկու երկիրներու դրօշակները։ Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին ու Պաքուի միջեւ անցեալ Հոկտեմբերին եւս տագնապ մը ստեղծուած էր, երբ կայանին համացանցային կայքով ցուցադրուած Ատրպէյճանի դրօշակին վրայ գտնուող հինգ անկիւնով աստղին փոխարէն, նկարուած էր հրէական աստղը։ Նոյն կայքէջին վրայ դրուած էր նաեւ «Սիոնական հակակշռին տակ գտնուող Ատրպէյճանը» խորագիրով վերլուծական յօդուած մը:
Վերջապէս կը հասնինք Հայաստան-Թուրքիա-Իրան եռանկիւնին: Արդարեւ, Թուրքիոյ մօտ Իրանի դեսպան Պահման Հոսէյնփուր Չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Իրանը դրական կը գնահատէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացը՝ զայն նկատելով կարեւոր քայլ մը՝ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ երկիրներու միջեւ բարեկամութիւնը սերտացնելու տեսանկիւնէն։ «Իրան եւ Հայաստան վաղուց լաւ համագործակցութիւն ունին։ Ասիկա կրնայ Թուրքիոյ հետ դառնալ եռակողմ համագործակցութիւն», նշած է Իրանի դեսպանը։