ԻæԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աջակցութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմնին եւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Տաւուշի մարզի Ազատամուտ համայնքին մէջ հիմնած է կաթի հաւաքման կեդրոն մը, որ օժտուած է անհրաժեշտ տարրալուծական սարքաւորումներով, սառնարաններով եւ օրական 4500 լիթր կաթ մթերելու կարողութեամբ:
Կեդրոնը պիտի սպասարկէ Ազատամուտ, Խաշթառակ, Լուսահովիտ, Լուսաձոր, Դիտաւան, Ակնաղբիւր, Այգեհովիտ եւ Աչաջուր գիւղերուն: Հիմնադրամը յառաջիկայ երկու ամիսներուն կեդրոնին պիտի նուիրուի նաեւ բեռնատար մեքենայ՝ կաթի մթերումն ու տեղափոխումը ժամանակին եւ որակեալ ձեւով կազմակերպելու նպատակով: