ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»-«Հայերն Այսօր».- Փետրուար 9ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդին նիստը՝ նախագահութեամբ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի:
Նիստին ընթացքին «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Թամար Պօղոսեանը ամփոփեց 2009ի գործունէութիւնը, որ ըստ իրեն, նշանաւոր դարձաւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նոր նախագահի ընտրութեամբ։
Խորհուրդը, իր հերթին, դրական գնահատական տուաւ հիմնադրամի անցած տարուան գործունէութեան:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»՝ 2010ի համար նախատեսուած ծրագիրը, եւ նշուեցաւ, որ 2010 տարին յայտարարուած է «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնի տարի, որուն հովանաւորն է Հայաստանի նախագահը: Ծրագիրը կը նախատեսէ իրականացնել շարք մը համահայկական մշակութային ձեռնարկներ, որոնք պիտի սկսին Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին նուիրուած կերպարուեստի համահայկական ցուցահանդէսով:
Նաեւ կը նախատեսուի իրականացնել «Արուեստի փառատօն», «Հայ կատարողական արուեստի ներկայացուցիչների համահայկական համաժողով», թատերախումբերու հիւրախաղեր, «Զանգուածային լրատուական միջոցների ներկայացուցիչների համաժողով», եւ շարք մը այլ ձեռնարկներ:
Ամփոփելով նիստին աշխատանքները՝ խորհուրդի նախագահ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց յստակ ժամանակացոյց ունենալու հարցը: Այնուհետեւ քննարկուեցաւ 2010ին նախատեսուած ձեռնարկներուն ծրագիրը, որ ընդունուեցաւ որոշ լրացումներէ ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.