ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Վերջերս ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին, երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ 2011ին օգտագործուող ելեկտրականութեան 80-85 տոկոսը պէտք է ապահովուի սեփական աղբիւրներէ:
Նոյն խորհրդակցութեան ընթացքին, հաշուետուութեամբ հանդէս եկած կառավարութեան առընթեր Արտադրական ենթակառուցուածքներու վարչութեան պետ Կառլէն Պետրոսեան յայտնած է, թէ 2009ի ընթացքին օգտագործուած է 253.97 միլիոն քիլօուաթ/ժամ ելեկտրականութիւն, որուն 134.746 միլիոնը ներմուծուած է «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութենէն, իսկ 119.224 միլիոնը՝ «Արցախհէկ» ընկերութենէն։
Նշենք, որ «Արցախհէկ»ը անցեալ տարուան ընթացքին պատուիրած է չորս՝ Կարկառ 1, Կարկառ 2, Իշխանագէտ 1 եւ Իշխանագէտ 2 հիտրոելեկտրակայաններու կառուցման նախագիծերու պատրաստումը: